2016-02-20 09:38:00

Եւրոպական Միութիւնը Անգարային յորդորած է`իրագործել գաղթականներու հարցով ծրագիրը


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի գաղթականներու հարցին վերաբերեալ ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ ըսուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը յորդորէ Թուրքիոյ` աւելի վճռականօրէն կատարել այն միջոցառումները, որոնց շուրջ միութեան հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Եւրոպական Միութեան գաղթականներու հոսքին դէմ պայքարի միացեալ ծրագիրի ծիրին մէջ, եւ կը նշէ, որ անոնց հոսքը տակաւին չափազանց մեծ է:

«Այսուհանդերձ, Թուրքիայէն Գերմանիա հասնող գաղթականներու հոսքը տակաւին չափազանց մեծ է: Մեզի անհրաժեշտ է Թուրքիայէն Եւրոպական Միութիւն անօրինական ժամանումներու թիւի էական եւ կայուն կրճատում: Ատիկա հետագայ ջանքեր կը պահանջէ, ներառեալ` Թուրքիոյ կողմէ, որպէսզի ապահովուի գործողութիւններու ծրագիրի արդիւնաւէտ կատարումը», ըսուած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Տոնալտ Թուսք իր կարգին` ամփոփելով Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի առաջին օրուան արդիւնքները, յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը գաղթականներու խնդիրին շուրջ Թուրքիոյ հետ նոր վեհաժողովը պիտի գումարէ մարտի սկիզբը: Նիստի ընթացքին եւրոպական աղբիւր մը ԹԱՍՍ-ին յայտնած է, որ վեհաժողովը նախատեսուած է 5 մարտին:

«Մարտի սկիզբը մենք գաղթի շուրջ յատուկ վեհաժողով պիտի գումարենք Թուրքիոյ հետ», ըսած է Թուսք: Ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները գործողութիւններու միացեալ ծրագիրի ծիրին մէջ հաւաստած են գաղթականներու հարցին մէջ իրենց պարտաւորութիւնները Թուրքիոյ նկատմամբ:

Գաղթականներու հարցին շուրջ Աւստրիոյ նախաձեռնութեամբ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա ոչ պաշտօնական հանդիպումը պէտք էր տեղի ունենար 18-19 փետրուարի վեհաժողովէն առաջ, սակայն չեղեալ յայտարարուած է Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան պատճառով:








All the contents on this site are copyrighted ©.